2017-07-05 08:38:00

Քրեմլին. «Փութինի եւ Թրամփի հանդիպում` 7 յուլիսին»


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` «Մեծ Քսանեակ»-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպումը ծրագրուած է ուրբաթ, 7 յուլիսին: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով:

Նախապէս ամերիկեան եւ ռուսական կողմերու ներկայացուցիչները յայտնած էին Համպուրկի մէջ նախագահներու հաւանական հանդիպման մասին, սակայն յստակ տեղեկութիւն չէին տուած:

Սպիտակ տունը իր կարգին պաշտօնապէս յայտարարած էր, որ Թրամփ-Փութին առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Համպուրկի մէջ, սակայն յստակ թուական մը չէր փոխանցած:

Համպուրկի մէջ «Մեծ Քսանեակ»-ի վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ 7-8 յուլիսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.